2014-05-15 09:35:39

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կիսանդրիի բացում` Հարիսա։


Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի սրբադասման եւ անոր Լիբանան պատմական այցելութեան 17-րդ տարեդարձին առթիւ, մարոնիթներու կարտինալ Պշարա Րաի պատրիարքը հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանեց Հարիսայի Պազիլիքային մէջ կիրակի 11 մայիս 2014-ին: Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին պապական նուիրակ՝ Գաբրիէլ Քաչչիա եպիսկոպոսը, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, կաթողիկէ համայնքապետերու եւ միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ, եպիսկոսպոսներ եւ հիւրեր:
Պատարագի աւարտին հոգեւորականներու դասը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւնը ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակը, ուր կատարուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կիսանդրիի բացումը եւ օծման արարողութիւնը: Կիսանդրիի հեղինակն է քանդակագործ Նայէֆ Ալուանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.